2013-12-17 12:49:23

Ամանորեայ Ձեռնարկներ` Սուրիահայերու Համար


Դեկտեմբեր 20-ին Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ պիտի կայանայ Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած տօնական համերգը: Այս մասին՝ ըստ Panorama.am-ի՝ տեղեկացուցած է «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Լենա Հալաճեան: Ձեռնարկին հիմնականօրէն սուրիահայ երաժիշտներ պիտի մասնակցին: Ան նշած է, որ ելոյթ պիտի ունենան Կոմիտասի անուան սենեկային նուագախումբը, վերջերս Հայաստանի մէջ սուրիահայերու կազմած «Շառաւիղ» մանկական երգչախումբը եւ այլ համոյթներ:
Այդ օրը տեղի պիտի ունենայ նաեւ Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծնունդի ցուցահանդէս-վաճառք, որուն դարձեալ սուրիահայեր պիտի մասնակցին: Պիտի վաճառեն ձեռագործ, անուշեղէն, թխուածք եւ այլն: «Ասիկա առիթ է, որ անոնց աշխատանքներուն ծանօթանան մարդիկ եւ յետագային պատուերներ ունենան: Հրաւիրեալներ պիտի ըլլան նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններէ, միտքը այն է, որ Նոր Հալէպ թաղամասի համար որոշ գումար հանգանակուի»,- ըսած է Լենա Հալաճեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.